2011-12-21 16:06:31

ԱՄՆի Մահմետականները կը տօնեն Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը` որպէս բարեպատեհ առիթ մը, բացայայտելու Մարգարէներու դերը Մահմէտականութեան մէջ։


Կարգ մը Իսլամներու համար Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը բարեպատեհ առիթ մըն է բացայայտելու իրենց զաւակներուն Մարգարէներու դերը կրօնքին մէջ։ Մահմետականները թէեւ կը հաւատան Յիսուսի եւ անոր հրաշագործ ծնունդին, սակայն Զինք չեն ճանչնար որպէս Աստուծոյ Որդի։ Գուրանը կը հաստատէ որ Յիսուս երկինք բարձրացաւ, սակայն չի հաւատար անոր Խաչելութեան։ Նոյնպէս անիկա կը հաւատայ Յիսուսի վերագալուստին,պայքարելու հակաքրիստոսի դէմ եւ վերահաստատելու արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը։
Յայտնենք որ ԱՄՆի մէջ Ծննդեան շրջանը, իր տօնախմբութիւններով ու իր աւանդութիւններով, դժուար ժամանակ մըն է Իսլամ փոքրերու համար, ուստի շատ մը մահմետական ընտանիքներ կ'իւրացնեն մշակութային երեւոյթները չզրկելու համար իրենց զաւակները այս տօնի ուրախութիւններէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.